ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք սուրբ Յարութեան:
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք, երջանիկ կեանք:
Եկեղեցական իմաստով Մեծ պահքին նախորդող կիրակին կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Այդ օրը առատ կերուխում տեղի կ’ունենայ:
Հայերը Բարեկենդանը կը տօնէին հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ զանազան ձեւերով:
Փակեալ խորանին օրը մամիկը առաստաղէն կը կախէր պահքի տիկնիկը՝ ակլատիզը:
Այս Մեծ պահոց շրջանին օրացոյցը կազմուած կ’ըլլար կա՛մ սոխէ, կա՛մ գետնախնձորէ եւ կամ ալ խմորի գունդէ, որուն վրայ խրուած կ’ըլլային եօթը փետուրներ:
Եօթը փետուրները կը ներկայացնեն Մեծ պահքի եօթը շաբաթները:
Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան տան մամիկը մէկ փետուրը կը վերցնէր եւ կը նետէր թոնիրին մէջ:
Մինչ այդ սոխը կը ծլէր: Ծիլը կը դնէին Զատկուան ճաշին մէջ:

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն լայն գիտելիքներ ամբարեցին Բարեկենդանի սովորութիւններուն եւ Մեծ պահքի մասին եւ պատրաստեցին իրենց սեփական «ակլատիզ»ը, որուն համար նախապէս տունէն բերած էին սոխ մը: