ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՐՑԱԽԸ

«…Միայն մե՛նք կրնանք տալ մեր անկախութիւնը մեզի: Մենք ինքնե՛րս պէտք է ձեռք բերենք ե՛ւ մեր հայրենիքը, ե՛ւ մեր անկախութիւնը յարատեւ մաքառումով, յամառ կամքով ու վճռականութեամբ, իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով կտոր-կտոր, փրցնելով ծուէն-ծուէն: Իսկ եթէ ձեռք բերել չենք կրնար, իրաւունք չունինք ապրելու իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ…»:  («Մեր անկախութիւնը» Լեւոն Շանթ, Պոսթըն, 1925)

Հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի տեսլականին, Ճեմարանը կը շարունակէ այս գաղափարները սերմանել նոր սերունդներուն մէջ, որպէսզի նոյն «յամառ կամքով ու վճռականութեամբ» շարունակուի հայապահպանման գործը, եւ վառ մնայ հայրենատիրութեան ոգին: Այսպէս, ճեմարանականը կը սորվի, որ «իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով, փրցնելով ծուէն-ծուէն» պիտի կարենայ հասնիլ արդարութեան: Ճեմարանականը կը սորվի, որ Արցախը հայաթափուած է, բայց չէ՛ կորսուած: Պատրանք չէ այս, այլ՝ իրականութիւն: Հետեւաբար նաեւ Արցախի ազատագրումը երազ մը պիտի չըլլայ ճեմարանականին համար, այլ՝ ձգտում:  

Փետրուար ամսուան ընթացքին Փետրուարեան ապստամբութեան, Սումկայիթի ջարդերուն,  Արցախի ազատագրական շարժումին նուիրուած  ամէն տարի նշուող ձեռնարկները այս տարի փոխարինուեցան «Մենք ենք մեր Արցախը» կարգախօսով Արցախի յատկացուած օրով մը:

Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան Ճեմարանի աշակերտները հաւաքուեցան տարրական բաժինի բակը, ուր տնօրէնուհին խօսք առաւ եւ բացատրեց Արցախի օր նշելու, Արցախը վերապրեցնելու կարեւորութիւնը, ապա յայտարարեց օրուան յայտագիրներու մեկնարկը Արցախի քայլերգով: Աշակերտները միասնաբար երգեցին քայլերգը, ապա իւրաքանչիւր բաժինի մէջ ընթացք առին զանազան աշխատանոցներ, եւ բոլոր աշակերտները ամբողջ օրը անցուցին ԱՐՑԱԽՕՐԷՆ: Ծրագիրը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւն, զարգացման մրցում, երգի ու պարի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ խոհանոց:

Տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն Արցախը ներկայացուցին Ճեմարանի շրջանաւարտները՝ Նարօտ Մերտխանեան եւ Սանան Խաչերեան: Միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն Եղիա Թաշճեան եւ Լութֆիկ Այվազեան փոխանցեցին Արցախի հարցը աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն զուգահեռ:

Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները Արցախի մասին իրենց գիտելիքները ամրապնդեցին զարգացման մրցումներու ընդմէջէն:

Մշակութային ծրագիրներու ծիրէն ներս, «Ղարաբաղ իմ» երգը հնչեց բոլոր բաժիններուն մէջ, միաժամանակ բոլոր աշակերտները սորվեցան հայկական պար մը եւ պատրաստուեցան օրուան փակման ժամու շուրջպարին:

Արցախի խորհրդանիշներով ձեռային աշխատանքներ կատարուեցան տարրական, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններուն մէջ, իսկ արցախեան խոհանոցի գործնական աշխատանք կատարուեցաւ տարրականի եւ նախակրթարանի մէջ, մինչ արցախեան խոհանոցի իւրայատկութիւններուն մասին դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններուն մէջ:

«Մենք ենք մեր Արցախը» կարգախօսով օրը աւարտեցաւ բոլոր աշակերտներուն մասնակցութեամբ Արցախի դրօշակին կազմութեամբ, «Ղարաբաղ իմ» երգով ու շուրջպարով: Աշակերտները դպրոցէն մեկնեցան Արցախի վերանկախացման  հաւատքով զինուած: