ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 95-ամեակի տօնակատարութիւններու Հանրային ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ հայրենի ՆԵՄՐԱ խումբի ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2025-ին, աւելի քան 450 հոգիի ներկայութեամբ, Պէյրութի «Օ» ճաշարանին մէջ։ Խումբը իր խանդավառ երգերով ոգեւորեց ներկաները, որոնք հաճելի ժամանակ անցուցին։ Յաջորդ օրն իսկ` 10 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի…

ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԵՐ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասանիւթերու ուսուցչուհիին հետ մտածեր էինք մեր դասերը ներկայացնել մանրակերտերու տեսքով: Մեր ծրագիրը իրագործելու համար ունէինք երկու ընտրութիւն՝ աշխատիլ առանձին կամ զոյգերով։ Առաջարկուեցան երկու նիւթեր, մէկը պատմութեան դասանիւթին հետ առնչուած, իսկ երկրորդը՝ աշխարհագրութեան: Պէտք էր նախագծէինք մեր նախանմոյշը եւ գրէինք անոր ուղեկցող կարճ բացատրողական մը:…

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ (Մարտ-Ապրիլ)

Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործադրած ծրագիրները. Բ. դասարան՝ -«Սննդարար ուտելիքներ եւ առողջ շրջապատ» նիւթը ներկայացուց սննդագէտ Անի Ժերդիտեան: – «Ժամանակը լաւ օգտագործել եւ որոշում տալ» նիւթը ներկայացուց դպրոցի ընկերային ծառայող Արին Սողանճեան: – «Համացանցի բարիքները եւ վնասները» նիւթը ներկայացուց Համազգայինի…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 9 Մայիս 2025- ին, մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Հրշէջներու Կեդրոն։ Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեցին հրշէջին բացատրութիւնները, բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը, շրջեցան շրջափակէն ներս, ապա խողովակներով փորձեցին մարել կրակը։ Հաճելի եւ յիշատակելի օր մըն էր։

ՎԱՆԱ ՍՐՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՎԱՅՔ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Ուրբաթ, 9 Մայիս 2025-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ե. դասարանէն Վանա Սրուրեան եւ Զ. դասարանէն Վայք Տէմիրճեան մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ու անոր կից գործող մշակութային յանձնախումբի վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական արտասանական մրցումին։ Վանա Սրուրեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ»-ը, իսկ Վայք Տէմիրճեան՝ Զարեհ Խրախունիի «Լեռը»։ Ուրախութեամբ…

ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. գիտական դասարանի աշակերտները քիմիագիտութեան ուսուցչուհիին՝ Օրդ. Ռիթային հետ  Ճեմարանի գիտաշխատանոցին մէջ տարբեր փորձարկումներով կ’ամրապնդեն իրենց գիտելիքները:  

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Ճեմարանի 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, մանկապարտէզի կանաչ դասարանի փոքրիկները աւարտական դասարանի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նշան Փալանճեան Ճեմարան։ Ճեմարանի շրջանաւարտ, նախկին ուսուցիչ եւ պատասխանատու Նորայր Նաճարեան ջերմօրէն ընդունեց աշակերտները եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ դպրոցին պատմութեան եւ առաքելութեան  մասին։ Ապա աշակերտները շրջեցան ճեմարանի տարածքին մէջ, հետաքրքրութեամբ դիտեցին արձանները եւ դպրոցին…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2025-ին, տարրական բաժինի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ցեղասպանութեան զոհերուն՝ ծաղիկներ զետեղելով Ճեմարանի մուտքին գտնուող նահատակ գրագէտներու որմնաքանդակներուն եւ Անթիլիասի մայրավանքին Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՊԱՏԻ ԹԵՐԹԻ ՄՐՑԱՆՔ

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, միջնակարգի հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները կազմակերպեցին պատի թերթի մրցանք մը, նիւթ ունենալով հայոց ցեղասպանութիւնը: Մրցանքին մանրամասնութիւնները՝ բովանդակութեան շուրջ տեղեկութիւններ կամ պատրաստութեան պայմաններ, աշակերտներուն բացատրուեցան, եւ աշխատանքին ներկայացման օրուան ժամկէտը ճշդուեցաւ: Աշակերտները խանդավառութեամբ եւ միասնական ճիգերով աւարտեցին աշխատանքը: Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2025-ին, Զ. եւ Է. դասարանի աշակերտները այցելեցին Ժպէյլի հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Աշակերտները թանգարանին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ ստացան, անոնք կրցան նաեւ պատկերացնել դասարանէն ներս իրենց ընթերցած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գիրքի դրուագներէն, ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբերու կեանքը։…

ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2025-ին,  Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները տօնեցին Սուրբ Զատիկը: Երեխաները երգեցին, պարեցին եւ խաղացին իրենց գունաւորած հաւկիթներով: