Մեր պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասանիւթերու ուսուցչուհիին հետ մտածեր էինք մեր դասերը ներկայացնել մանրակերտերու տեսքով: Մեր ծրագիրը իրագործելու համար ունէինք երկու ընտրութիւն՝ աշխատիլ առանձին կամ զոյգերով։ Առաջարկուեցան երկու նիւթեր, մէկը պատմութեան դասանիւթին հետ առնչուած, իսկ երկրորդը՝ աշխարհագրութեան: Պէտք էր նախագծէինք մեր նախանմոյշը եւ գրէինք անոր ուղեկցող կարճ բացատրողական մը: Մենք ունէինք Զատկուան ամբողջ արձակուրդը մեր աշխատանքները աւարտելու համար:
Պատմութեան դասանիւթին համար ընտրուեցաւ միջնադարեան ամրոցաշինութիւնը: Այս նախագիծը մեզի օգնեց, որ աւելի լաւ հասկնանք դասարանէն ներս տրուած բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ զարգացուց մեր ստեղծագործական և համագործակցութեան ոգին։
Աշխարհագրութեան դասանիւթին համար մենք կրնայինք պատրաստել երկու տարբեր մանրակերտեր ներկայացնելու համար «մաքուր եւ վերանորոգուող» երկու ելեկտրական հոսանքի աղբիւրներ՝ արեւային սալիկներով ստեղծուող եւ քամիի թափով աշխատող պտուտակներով: Մեր ներկայացումներուն միջոցով մենք բացատրեցինք, թէ ինչպէս կը բանին այս երկու տեսակի ելեկտրական հոսանք արտադրող կուտակիչները, անոնց կարեւորութիւնը շրջակայ միջավայրին համար, ինչպէս նաեւ՝ անոնց առաւելութիւնները՝ համեմատած բրածոյ վառելանիւթերուն հետ։
Այս փորձը մեզի օգնեց, որ շատ աւելի լաւ հասկնանք, թէ ի՛նչպէս կարելի է արտադրել ելեկտրական հոսանք մաքուր եւ կայուն եղանակով, միաժամանակ բարձրացնելով մեր դասընկերներուն իրազեկուածութիւնը կենսոլորտի այժմէական խնդիրներուն մասին։
Ռիթա Թագաճեան եւ Սերա Հայեան
Է. դասարան
