Ուրբաթ, 9 Մայիս 2025-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ե. դասարանէն Վանա Սրուրեան եւ Զ. դասարանէն Վայք Տէմիրճեան մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ու անոր կից գործող մշակութային յանձնախումբի վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական արտասանական մրցումին։
Վանա Սրուրեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Կտակ»-ը, իսկ Վայք Տէմիրճեան՝ Զարեհ Խրախունիի «Լեռը»։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Վանան եւ Վայքը հանդիսացան առաջին՝ իրենց տարիքային բաժանումներուն մէջ:
Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները։
ՎԱՆԱ ՍՐՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՎԱՅՔ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ
