ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 95-ամեակի տօնակատարութիւններու Հանրային ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ հայրենի ՆԵՄՐԱ խումբի ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2025-ին, աւելի քան 450 հոգիի ներկայութեամբ, Պէյրութի «Օ» ճաշարանին մէջ։ Խումբը իր խանդավառ երգերով ոգեւորեց ներկաները, որոնք հաճելի ժամանակ անցուցին։
Յաջորդ օրն իսկ` 10 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բաց Դռներ»ու հաւաքը, ուր ներկայացուեցան շինարարական իրականացած եւ ւյառաջիկայ ծրագիրները։ Ներկայ էին բարերարներ, բարեկամներ, ծնողներ, շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ եւ անձնակազմի անդամներ։
Ներկաները ունկնդրելէ ետք տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի զեկուցական խօսքն ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Գէորգեանի ողջոյնի խօսքը շրջեցան Ճեմարանի յարկին տակ եւ մօտէն տեսան իրականացած շինարարական աշխատանքները։ Իւրաքանչիւր ծրագիրի բարերարի ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ նշեալ բաժինին։ Ապա ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի «Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան» պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրի խոհանոցի անձնակազմին կողմէ։
Մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք աւելի ուշ։