Ուրբաթ, 9 Մայիս 2025- ին, մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Հրշէջներու Կեդրոն։
Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեցին հրշէջին բացատրութիւնները, բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը, շրջեցան շրջափակէն ներս, ապա խողովակներով փորձեցին մարել կրակը։ Հաճելի եւ յիշատակելի օր մըն էր։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ
