Ճեմարանի 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, մանկապարտէզի կանաչ դասարանի փոքրիկները աւարտական դասարանի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նշան Փալանճեան Ճեմարան։
Ճեմարանի շրջանաւարտ, նախկին ուսուցիչ եւ պատասխանատու Նորայր Նաճարեան ջերմօրէն ընդունեց աշակերտները եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ դպրոցին պատմութեան եւ առաքելութեան մասին։ Ապա աշակերտները շրջեցան ճեմարանի տարածքին մէջ, հետաքրքրութեամբ դիտեցին արձանները եւ դպրոցին զանազան բաժինները, բարձրացան Վասպուրական սրահ եւ լուսանկարուեցան՝ անմոռանալի յուշ մը տանելով իրենց հետ։
