Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործադրած ծրագիրները.
Բ. դասարան՝ -«Սննդարար ուտելիքներ եւ առողջ շրջապատ» նիւթը ներկայացուց սննդագէտ Անի Ժերդիտեան:
– «Ժամանակը լաւ օգտագործել եւ որոշում տալ» նիւթը ներկայացուց դպրոցի ընկերային ծառայող Արին Սողանճեան:
– «Համացանցի բարիքները եւ վնասները» նիւթը ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան:
Դ. դասարան՝ նախա-արբունի շրջանին մասին խօսեցաւ մանկամսուրի հիւանդապահուհի Լիզա Գոճայեան:
Ե. դասարան՝ Առողջապահական գիտելիքներու մասին աղջիկներու եւ տղոց անջատ խումբերու հետ զրուցեցին դպրոցի հիւանդապահուհի Թալին Ստեփան եւ ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան:
Դ.,Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն հետ դպրոցի հոգեբան Նաթալի Այվազեան զրուցեց ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններու եւ բախումներու մասին:
Է. եւ Ը. դասարաններ՝ Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան ներկայացուց «ընկերային արժէքներ» նիւթը:
Ը. դասարան՝ դպրոցի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան ներկայացուց «ինքնակարգապահութիւն, մղում եւ ժամանակի լաւ օգտագործում» նիւթը:
Թ. դասարան՝ Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան ներկայացուց «խումբի պատկանելիութիւն» նիւթը:
ԺԱ. դասարան՝ դպրոցի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան ներկայացուց «ժամանակի ղեկավարում» նիւթը:
