«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

28 Նոյեմբեր 2010-ին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցանքը Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Ճեմարանի աշակերտները 19 հայկական վարժարաններէ եկած մօտաւորապէս 350 աշակերտներու կողքին մասնակցեցան այս մրցանքին եւ ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ։ Ստորեւ մեր աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. Դ. դասարանէն անսխալ…

ՀԱՅՐԵՆԻ «ԱՐԵՒՆԵՐ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբերին առաւօտուն Լիբանան ժամանեց հայրենի «Արեւներ» մանկապատանեկան համոյթէն խումբ մը։ Խումբի անդամները իրենց առաջին շողերը արձակեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վրայ, որուն զանազան բաժինները այցելելէ ետք, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս հանդիպում ունեցան Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան…

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հայկական ցեղասպանութենէն ետք հայերը կը գաղթեն աշխարհի բոլոր կողմերը։ Անոնք կը շարունակեն իրենց կեանքը շաղուելով օտար շրջանակներու եւ տարբեր մշակոյթներու հետ, հետեւաբար ձուլումը կ՚ըլլայ հայ ազգին մեծագոյն վտանգը։ Հայ երիտասարդութիւնը՝ մասնաւորապէս հայ աշակերտը, համալսարանի սեմին պիտի հանդիպի օտար շրջանակներու եւ տարբեր մտածելակերպ ու տարբեր արժանիքներու տէր անձերու։ Անոր…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՓԱՐԱՒՈՆ»Ի ՀԵՏ

Զ. դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ուսումնասիրեցին հին Եգիպտոսը իրենց ֆրանսերէն լեզուով պատմութեան դասանիւթին ծիրէն ներս։ Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին մեծ եղաւ աշակերտներուն զարմանքն ու ուրախութիւնը, երբ պատմութեան դասապահուն իրենց դասարանները այցելեց «եգիպտացի փարաւոն»ը։ Այս բեմականացուած դասընթացքին ժամանակ, աշակերտները առիթը ունեցան հարցաքննելու փոքրիկ «փարաւոն»ը ու մօտէն ծանօթանալու անոր տարազին…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ, ծանօթացան անոր պատմութեան, այցելեցին ամփիթատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։

ՃԱՏՐԱԿ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ֆրերներու ակումբին, Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Ֆրերներու ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի Ամանորի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ վաթսուն երկսեռ խաղացողներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցող շուրջ քսան ՀՄԸՄ-ականներէն փայլուն արդիւնքներ ապահովեցին Ճեմարանի աշակերտները։ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրակ Գըլըպոզեան ապահովեց առաջնութիւնը։ 10 տարեկանէն վար,…

ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 14 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները իրենց լեզուներու ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Պիէլի մէջ տեղի ունեցող արաբերէն գիրքերու ցուցահանդէսը։ Այս այցելութիւնը կը միտի քաջալերել արաբերէն լեզուով ընթերցումը, ինչպէս նաեւ աշակերտին ծանօթացնել արաբական մշակոյթը։

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՊԵՊԵԼԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2010-ին, հայրենի երգչուհի Քրիստինէ Պեպելեան այցելեց Ճեմարան։ Ան ծանօթացաւ անձնակազմին, շրջեցաւ դպրոցի զանազան բաժինները՝ Կաղանդի պազար, մանկապարտէզ, կարգ մը դասարաններ եւ երգեց աշակերտներուն հետ։

ԽՈՀԱԳԻՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Դ. դասարաններու աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով խոհագիրի պատրաստութեան մասին դաս մը սորվելէ ետք, ունկնդրեցին նշեալ նիւթին առնչուող պատմութիւն մը։ Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, իւրաքանչիւր աշակերտ բերաւ պանիրի տեսակ մը։ Զբօսանքին, Դ. դասարաններու աշակերտները իրենց ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ ծանօթացան պանիրեղէններուն ու համտեսեցին զանոնք։

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին, «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 8 Դեկտեմբեր, 2010-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հրաչ Կայծակեան, որուն ընկերակցեցան աւարտական դասարանի աշակերտները շուրջպարով եւ խանդավառեցին ներկաները: Պազարին գեղարուեստական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները,…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2010-ին ժամը 1։00-էն 5։00 տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման աշխատանքային հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները։ 27 տարբեր մասնագիտութիւններու տիրացած Ճեմարանի 40 շրջանաւարտներ հրաւիրուած էին դպրոցական կեանքի վերջին հանգրուանին գտնուող աշակերտներուն փոխանցելու տեղեկութիւններ իրենց մասնագիտութեան, ասպարէզին, համալսարանին եւ փորձառութիւններուն մասին։ Աշակերտները առիթը ունեցան…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մանկապարտէզի փոքրիկներուն յաճախակի պտոյտներն ու այցելութիւնները կը նպաստեն ամրապնդելու դասարանէն ներս անոնց սորվածները։ Ուրբաթ, 26 Նոյեմբերին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, Ծաղկաձորի մէջ, դիտելու տան զանազան մասերը։ Նոյն օրը, վարդագոյն դասարաններու աշակերտները դիտեցին դպրոցի պահակին տան կից մեծ վանդակի մը մէջ գտնուող թռչունները։