«ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»-Ի «ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

28 Նոյեմբեր 2010-ին «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցանքը Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Ճեմարանի աշակերտները 19 հայկական վարժարաններէ եկած մօտաւորապէս 350 աշակերտներու կողքին մասնակցեցան այս մրցանքին եւ ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ։ Ստորեւ մեր աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. Դ. դասարանէն անսխալ գրած է Նարօտ Մերտխանեան, իսկ Լեւոն Գալայճեան յիշատակութեան արժանացած։ Ե. դասարանէն անսխալ գրած է Լոռի Գորեսեան, 1 սխալ՝ Հայկ Աւետիս, Նանի Գալուստեան եւ Լալէ Չափարեան, իսկ 2 սխալ՝ Հրակ Պալապանեան, Նժդեհ Գազճեան եւ Արիանէ Թասլաքեան։ Զ. դասարանէն անսխալ գրած են Արենի Խաչատուրեան, Ֆիլիփ Քէչէք եւ Նարօտ Սերուժեան, 1 սխալ՝ Մանէ Պասմաճեան, Սարին Պոյաճեան եւ Սէրուժ Յովսէփեան, իսկ յիշատակութեան արժանացած է Գէորգ Մկրտիչեան։