ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին, «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 8 Դեկտեմբեր, 2010-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Բացման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Հրաչ Կայծակեան, որուն ընկերակցեցան աւարտական դասարանի աշակերտները շուրջպարով եւ խանդավառեցին ներկաները: Պազարին գեղարուեստական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները, նախապէս ճշդուած եւ ծնողներուն տրամադրուած յատուկ ժամանակացոյցով։ Պազարին ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած էին չիր ու չամիչ, թխուածքներ, խմորեղէններ, տուրմի զանազան տեսակներ, անուշեղէններ, զարդեղէններ, մանկական գիրքեր, խաղալիքներ, եւայլն…։