ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հայկական ցեղասպանութենէն ետք հայերը կը գաղթեն աշխարհի բոլոր կողմերը։ Անոնք կը շարունակեն իրենց կեանքը շաղուելով օտար շրջանակներու եւ տարբեր մշակոյթներու հետ, հետեւաբար ձուլումը կ՚ըլլայ հայ ազգին մեծագոյն վտանգը։ Հայ երիտասարդութիւնը՝ մասնաւորապէս հայ աշակերտը, համալսարանի սեմին պիտի հանդիպի օտար շրջանակներու եւ տարբեր մտածելակերպ ու տարբեր արժանիքներու տէր անձերու։ Անոր անձնականութիւնը եւ ինքնութիւնը հաստատելու համար Ճեմարանի երկրորդական բաժնի Ընկերային Կազմաւորման Ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ հիւրընկալելով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, ճեմարանականներ Վաչէ Նաճարեանն ու Զաւէն Տէր Պետրոսեանը։ Աւարտական դասարանի աշակերտ Նժդեհ Մկրտիչեան բացման խօսքը կարդաց եւ ներկայացուց օրուան նիւթը։ Ան յայտնեց, թէ լիբանանահայ երիտասարդը կառչած կը մնայ իր հայկական դիմագիծին, ազգային արժէքներուն ու ինքզինք կը զգայ թէ՛ լիբանանցի եւ թէ հայ, մէկ խօսքով՝ լիբանանահայ։ Ապա ան խօսքը փոխանցեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որ ըսաւ. «Քաղաքական գետնի վրայ լիբանանցիները քաղաքական հարցերու մասնակից չեն համարեր հայերը, այլ անոնք իրենց օգտին համար կը յարաբերին մեզի հետ եւ երբ ապահով չզգան կը քանդեն բոլոր կապերը»։ Ան իր խօսքը հաստատելու համար տուաւ կենդանի օրինակներ Լիբանանի այսօրուան քաղաքականութենէն, ապա իր խօսքը ուղղեց մասնաւորապէս հայ երիտասարդին ըսելով. «Պէտք է ապրինք իբրեւ լիբանանցի, առանց զիջելու մեր հայկական պատկանելիութենէն, ինչպէս նաեւ պէտք է ապրիլ իբրեւ հայ առանց զիջելու լիբանանցիի պարտաւորութիւններէն եւ պարտականութիւններէն»։ Ան հայ երիտասարդութեան թելադրեց քանդել այն երկուութիւնը, որ կը գտնուի մեր եւ լիբանանցիներուն միջեւ։ Ապա խօսք առաւ ճեմարանաւարտ Վաչէ Նաճարեան, որ ընդհանրապէս խօսեցաւ հայ երիտասարդին մասին հայ դպրոցէն ներս, ուր ան կը ստանայ ազգային դաստիարակութիւն, ուր կը կատարուի արժանիքներու փոխանցում եւ ուր կը կերտուի բարձր անհատականութեան եւ բարոյականի տէր անձ։ Ան դպրոցին կողքին խօսեցաւ հայկական միութիւններու մէջ աշխատանքի կարեւորութեան մասին եւ հաստատեց, թէ միութիւններու մէջ աշխատող հայ երիտասարդին մօտ ապագային կ՚երեւին կազմակերպողական մեծ կարողութիւններ։ Վերջապէս խօսքը փոխանցուեցաւ նոյնպէս ճեմարանաւարտ Զաւէն Տէր Պետրոսեանի։ Ան նախ խօսեցաւ հայ ուսանողին դերին մասին համալսարաններէն ներս՝ օտար շրջանակներու հետ յարաբերութեան եւ անոնց հետ գործակցութեան մասին, ապա ան նշեց օտարներուն կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ թէ ի՛նչպէս կարելի է հաւասարակշռութիւն պահել երկու միջավայրերու միջեւ։ Ան ըսաւ, որ մենք սորվելիք ունինք իրենցմէ, պէտք է անոնցմէ առնել լաւ յատկանիշները, որովհետեւ ինչպէս Յակոբ Բագրատունին եւս նշեց՝ մենք հայերս ազգ մըն ենք, ինչպէս որեւէ ազգ, մենք եւս կատարեալ չենք։ Զաւէն Տ.Պ. շարունակեց իր խօսքը շեշտելով փոխադարձ յարգանքին վրայ, որովհետեւ օտար շրջանակներուն մեզի հանդէպ յարգանք պարտադրելու համար, պէտք է զանոնք նոյնպէս յարգել։ Ան իր խօսքը աւարտեց յիշելով ճեմարանականի գործունէութիւնը օտար միջավայրերու մէջ եւ ըսաւ.«Ճեմարանականը միշտ յաջողութիւն գտած է իր կեանքին մէջ եւ ընդհանրապէս համալսարաններու մէջ գործօն հայկական խումբերը բաղկացած են ճեմարանականներէ»։ Այս խօսքը ամրապնդեց ներկայ աշակերտներուն ինքնավստահութիւնը։ Հիւր դասախօսներու խօսքերէն ետք, սկսաւ զրոյցի բաժինը. աշակերտները յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ լուսաբանութիւն ստացան բանախօսներէն։ Աշակերտներուն գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը եղաւ հայ երիտասարդին եւ հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ գտնուող հեռաւորութիւնը, թէ ի՛նչպէս կարելի է երիտասարդները ներգրաւել հայկական կազմակերպութիւններէն ներս։ Երկար խօսուեցաւ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն մասին, ուր շեշտուեցաւ որ ծնողները պէտք է յաւելեալ վստահութիւն ցուցաբերեն հայ դպրոցին հանդէպ։ Վերջապէս խստօրէն թելադրուեցաւ չարհամարհել օտարալեզու հայը, որովհետեւ ան մեզմէ նուազ հայ չէ, ան ունի մեզի հաւասար հայեցի զգացումներ եւ ինք եւս կը պայքարի հայկական հարցին համար։ Ներկաները լրջօրէն հետեւեցան դասախօսութեան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին զրոյցին։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան