ՃԱՏՐԱԿ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ֆրերներու ակումբին, Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին, Ֆրերներու ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի Ամանորի մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ վաթսուն երկսեռ խաղացողներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցող շուրջ քսան ՀՄԸՄ-ականներէն փայլուն արդիւնքներ ապահովեցին Ճեմարանի աշակերտները։ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրակ Գըլըպոզեան ապահովեց առաջնութիւնը։ 10 տարեկանէն վար, Հայկ Աւետիս, հանդիսացաւ մրցաշարքին միակը, որ իր արձանագրած վեց յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց առաւելագոյն վեց կէտը եւ բնականաբար տիրացաւ առաջնութեան։ 8 տարեկանէն վար դասակարգին, ուր մասնակցողները բաւական շատ էին, Լեւոն Գալայճեան հանդիսացաւ առաջին՝ ապահովելով 5 կէտ։