ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ՓԱՐԱՒՈՆ»Ի ՀԵՏ

Զ. դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ուսումնասիրեցին հին Եգիպտոսը իրենց ֆրանսերէն լեզուով պատմութեան դասանիւթին ծիրէն ներս։ Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին մեծ եղաւ աշակերտներուն զարմանքն ու ուրախութիւնը, երբ պատմութեան դասապահուն իրենց դասարանները այցելեց «եգիպտացի փարաւոն»ը։ Այս բեմականացուած դասընթացքին ժամանակ, աշակերտները առիթը ունեցան հարցաքննելու փոքրիկ «փարաւոն»ը ու մօտէն ծանօթանալու անոր տարազին եւ անձնական իրերուն, այսպիսով միախառնելով հաճելին օգտակարին։