ՀԱՅՐԵՆԻ «ԱՐԵՒՆԵՐ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբերին առաւօտուն Լիբանան ժամանեց հայրենի «Արեւներ» մանկապատանեկան համոյթէն խումբ մը։ Խումբի անդամները իրենց առաջին շողերը արձակեցին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի վրայ, որուն զանազան բաժինները այցելելէ ետք, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս հանդիպում ունեցան Ե., Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի գալուստի խօսքը ուղղելով «Արեւներ»ուն ըսաւ. «Այսօր տօն է արդէն Ճեմարանի մէջ։ Մենք բախտաւոր ենք, որ տօնական օրերու նախօրեակին կը հիւրընկալենք 16 քոյր-եղբայրներ, որոնք մեզի կը բերեն հայրենիքի շունչն ու ողջոյնը, որուն համար շնորհակալ ենք իրենց։ Լիբանանահայութեան հետ շփումը նոր փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ, յաջողութիւն կը մաղթենք առաջիկայ օրերուն «Արեւներ»ուն համերգային ծրագիրներուն»։ Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը երգեց «Անոյշ խաղող» եւ «Տանք ձեռք-ձեռքի բարեկամներ» երգերը, ապա «Արեւներ»ը ճաշեցին աշակերտներուն հետ։ Կարճ, բայց տպաւորիչ այս հանդիպումը անկասկած որ իր յատուկ դրոշմը ձգեց Ճեմարանի աշակերտներուն թէ «Արեւներ»ուն հոգիներուն մէջ։