ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2010-ին ժամը 1։00-էն 5։00 տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման աշխատանքային հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները։ 27 տարբեր մասնագիտութիւններու տիրացած Ճեմարանի 40 շրջանաւարտներ հրաւիրուած էին դպրոցական կեանքի վերջին հանգրուանին գտնուող աշակերտներուն փոխանցելու տեղեկութիւններ իրենց մասնագիտութեան, ասպարէզին, համալսարանին եւ փորձառութիւններուն մասին։ Աշակերտները առիթը ունեցան առանձնաբար իւրաքանչիւր շրջանաւարտի հետ զրուցելու, զիրենք հետաքրքրող ճիւղերուն մասին իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու եւ լուսաբանուելու։ Անոնք մեծապէս օգտուեցան այս աշխատանքէն։ Կարօ Ֆէսլեան ԺԲ. դասարան