ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 8 Մարտին, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչներուն նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան տարրականէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները եւ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը։ Աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք ստանձնած էին ձեռնարկի իրագործման ամբողջական պատասխանատուութիւնը, առաջնորդեցին ուսուցիչները դէպի իրենց աթոռները։ Լսարանական Միութեան նախագահ…

ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ 23 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2011-ին Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Արցախի ազատագրական պայքարի 23-րդ ամեակը։ Ե. դասարանէն Լոռի Գորէսեան ընթերցեց բացման խօսքը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Դ. դասարաններու աշակերտները երգեցին Յ. Շիրազի «Ղարաբաղ իմ»ը, ապա Ռազմիկ Տէրունեան արտասանեց Արմանտի «Դուք» բանաստեղծութիւնը։ Հետաքրքրական էր Արցախի մասին տեղեկութիւններու ու նկարներու…

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ 75 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Կիրակի, 6 Մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն հրաւիրուած վաստակաւոր արուեստագէտներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն (Մրրօ) Գրիգորեան եւ ազատամարտիկ-երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ): Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան անունով Վաչէ Ծատուրեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ 2010-2011 տարեշրջանը կը զուգադիպի…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ (նախակրթարան)

Չորեքշաբթի, 2 Մարտին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները դիմակներ շինեցին ու ծպտուեցան։ Անոնք իրենց բերած քաղցրեղէնները ծրարներու մէջ զետեղեցին եւ ծպտուած շրջեցան նախակրթարանի դասարանները, ուսուցչարանն ու դպրոցի գրասենեակները, ուր բաժնեցին իրենց պատրաստած ծրարները՝ «ուրախ բարեկենդան» մաղթելով։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը։ Բացման խօսքը կարդաց Թ. դասարանէն Սարին Սիւփիւրկէճեան, որ անդրադառնալով սփիւռքի մէջ այսօրուան ձուլման մարտահրաւէրներուն եւ հայութեան գոյատեւման առօրեայ պայքարին, ըսաւ. «Ազգի ու կրօնքի պահպանման նոյն այդ պայքարը մղեցին Վարդանանք 1560 տարիներ առաջ, մեր պարտականութիւնն է հետեւիլ Աւարայրի ճակատամարտին ուղիին…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ (տարրական բաժին)

Չորեքշաբթի, 2 Մարտին տարրական բաժինի աշակերտները նշեցին Բարեկենդանի տօնը։ Անոնք դասարան-դասարան բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին իրենց տարազները։ Աշակերտները հաճելի ժամանակ անցուցին երգելով, պարելով, խաղալով եւ ուտելով։ Օրուան անակնկալը Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնն էր։

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՍՊԱՆԴԸ

Երեքշաբթի 1 եւ Չորեքշաբթի 2 Մարտ 2011-ին Միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին 27-29 Փետրուար 1988-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ տեղի ունեցած եղեռնին վերաբերող փաստագրական ու տեղեկատուական տեսերիզ մը։ Անմեղ զոհերու հարազատներու, ազերի ականատեսներու, սպանդէն փրկուածներու վկայութիւնները լսելով աշակերտները տեղեկացան եւ տեսան, թէ ի՛նչպէս…

ՔԼԻՄԱՆՃԱՐՕ

Աշխարհագրութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Ափրիկէ ցամաքամասին մասին անհրաժեշտ գիտելիքները ստանալէ ետք, Երկուշաբթի, 28 Փետրուարին առիթը ունեցան ծանօթանալու Պրն. Րաֆֆի Թոքաթլեանին, որ քանի մը տարի առաջ բարձրացած էր Ափրիկէի բարձրագոյն լեռը՝ Քլիմանճարօ։ Ան աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ լեռնագնացութեան օրէնքներուն։ Հետաքրքրական այս…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրբաթ, 25 Փետրուարին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան զարգացման մրցանքի մը, որ կ՚ընդգրկէր իրենց աշխարհագրութեան դասանիւթին վերաբերող հարցումներ։ Չորսական հոգիէ բաղկացած հինգ խմբակներով աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցանքին եւ ամրապնդեցին 2010-2011 տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ այսօր իրենց ստացած աշխարհագրական գիտելիքները։ Մրցանքի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ գրիչ մը, իսկ առաջին…

«ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԽԱՂԱՆՔ»

Երկուշաբթի 21 եւ Երեքշաբթի 22 Փետրուարին, տարրական բաժինի աշակերտները բախտը ունեցան ծանօթանալու ընկերային ծառայող տիկին Ալին Թաշճեանին, որ հետաքրքրական պատմութիւններու եւ զրոյցի, երկխօսութեան ընդմէջէն արծարծեց «համաձայն խաղանք»ի, բաժնեկցելու գաղափարը։ Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին, տիկին Թաշճեան անդրադարձաւ ընկերասիրութեան, այդ տարիքի աշակերտներուն փոխյարաբերութեան դրական…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան առողջապահական դաստիարակութեան բաժնին, 11-էն 13 Յունուարին, տեղի ունեցաւ առողջապահական խորհրդաժողով մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ դպրոցիս հիւանդապահուհին՝ օրիորդ Քրիստին Մխճեանը։ Այս խորհրդաժողովին քննարկուեցան թմրամոլութեան, միասեռականութեան եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներու առողջապահական, հոգեկան եւ ընկերային հարցեր, ինչպէս նաեւ առաջարկուեցան կեցուածքի եւ վերաբերումի որոշ եղանակներ՝…

ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կազմակերպած է երգահանդէս մը:Ելոյթ կ’ունենան հայրենի երգիչներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն Գրիգորեան(Մրրօ) եւ Մակիչ: Տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 6 Մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ, Տպպայէ: Տոմսերը ստանալու համար դիմել Համազգային գրախանութ, Պուրճ Համուտ: Սակ՝ 15,000, 25,000 եւ 35,000 լ.ո. ԾԱՆՕԹ: Տոմսերը…