ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 8 Մարտին, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչներուն նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան տարրականէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները եւ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը։ Աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք ստանձնած էին ձեռնարկի իրագործման ամբողջական պատասխանատուութիւնը, առաջնորդեցին ուսուցիչները դէպի իրենց աթոռները։ Լսարանական Միութեան նախագահ Նժդեհ Մկրտիչեան ընթերցեց բացման խօսքը, ան ըսաւ. «Ուսուցիչը կորիզն է կրթութեան եւ աղբիւրը ուսման, ան կը ցոլացնէ առողջ դպրոցի իրավիճակը եւ անոր ուսումնական մակարդակը…»։ Ֆրանսերէն լեզուով բացման խօսքը կարդաց Կարին Կէօքճեան։ Յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ կ՚ընդգրկէր Ճեմարանի հին թէ նոր ուսուցիչներու, երբեմնի կրթական պատասխանատու Օրդ. Ալիս Գազանճեանի եւ տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի հետ կատարուած հարցազրոյցներ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հայեցողութեամբ ներկայացուց ուսուցչական ասպարէզը, տիպար ուսուցիչին յատկութիւնները, ուսուցիչին ու դպրոցին դերն ու ազդեցութիւնը մարդակերտման առաքելութեան մէջ։ Տեսերիզը աւարտեցաւ Նարէ Նոխուտեանի մեկնաբանութեամբ՝ ուսուցիչներուն ուղղուած երախտագիտական խօսքերով։ Միջնակարգի Ը. դասարանէն Գուրգէն Փափազեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դաստիարակը», իսկ Է. դասարանէն Գէորգ Երէցեան եւ Սարհատ Հանտեան՝ արաբերէն լեզուով ուսուցիչի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։ Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Վարանդա Եագուպեան մեներգեց «Սիրելի ուսուցիչ»ը՝ Բալիկ Արոյեանի դաշնամուրով նուագակցութեամբ։ Յուզիչ էր պահը, երբ միաժամանակ աւարտական դասարանի աշակերտները կարգով յառաջացան եւ իւրաքանչիւրը բեմը զարդարող ծաղիկներէն առնելով նուիրեց Ճեմարանի անձնակազմի անդամներէն մէկուն՝ շնորհաւորելով ուսուցիչի տօնը։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն շուրջպարով։ Ճեմարանի Ծնողական Խորհուրդին հրաւէրով, ուսուցիչներու տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ երեկոյեան «Ասիատ» ճաշարանին մէջ։ Ճեմարանի տնօրէնը խօսք առնելով անդրադարձաւ ուսուցիչներու տօնին, որ կը զանազանուի աշխատաւորներու տօնէն այն իմաստով, որ ուսուցչական ասպարէզը ուսումէ ու վկայականէ բացի, կ՚ենթադրէ նաեւ կոչում։ Այդ կոչումը երեխաներու նկատմամբ սէրն ու վստահութիւնն է։ Տնօրէնը ուսուցչական ասպարէզը նկատեց դժուար գործ մը, որովհետեւ մարդկային յարաբերութիւններու գործ է՝ ուսուցիչ-աշակերտ, ուսուցիչ-ծնողք, ուսուցիչ-պաշտօնակից։ Բայց այդ դժուար գործը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ուսուցիչին, երբ ան հետագային աշակերտներու յաջողութիւնները կը տեսնէ կեանքի մէջ։ Խօսք առաւ նաեւ Ճեմարանի կրթական տեսուչ, փոխ-տնօրէն Հուրի Եափուճեան, որ շնորհաւորեց ուսուցիչներուն տօնը եւ գնահատեց անոնց անձնուէր աշխատանքը ըսելով.« Լեւոն Շանթի հիմնած բոլորիս սիրելի ուխտավայր Ճեմարանը շարունակ կը բարգաւաճի, երբ հոն ներդրում կ՚ունենան տարբեր միջավայրերէ, ակունքներէ եկած ուսուցիչներ ու կը հարստացնեն զայն»։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ընթրիքի սեղաններու շուրջ, Ճեմարանի ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները հաճելի ժամանակ անցուցին։