ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան Լսարանական Միութեան աշակերտներուն խօսեցաւ մասնագիտական կողմնորոշման կարեւորութեան մասին, անդրադառնալով զանազան ազդակներու, ինչպէս՝ նիւթի մը հանդէպ նախասիրութիւնը, ծնողքի մղումը, գործի ասպարէզի հնարաւորութիւնները, նիւթական հեռանկարներ, եւայլն: Ապա աշակերտները ուղղուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմին, ընկերային…

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ – ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած կլոր սեղան – զրոյցը՝ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին եւ երկրի ամբողջ տարածքին ծաւալած ժողովրդային զանգուածային ցոյցերուն մասին: Զրոյցը վարեց Լսարանական Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, որ նախ ընդհանուր ձեւով անդրադարձաւ նախորդ օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, ապա աշակերտները առիթ ունեցան արտայայտելու իրենց…

ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՉՈՐՍ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց անցնող ամրան Արարատ լեռը բարձրացած Ճեմարանի չորս շրջանաւարտները՝ Արզնի Արսլանեանը, Նարօտ Քեչեպաշեանը, Քրիստ Բրուտեանը եւ Սագօ Եագուպեանը: Լեռնագնացութեան վերաբերող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, անոնք խօսեցան դէպի Արարատ ուխտագնացութեան ժամանակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այնպիսի զգացումներու մասին, որոնք ըստ իրենց՝ ո՛չ գրիչով եւ…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2019-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին նախագահը՝ Ռուբէն Խաչատուրեան, ներկայացուց միութեան միամեայ ծրագիրը: Լսարանական Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց միութեան գործելաձեւը եւ այս տարեշրջանի 8 խմբակները, ապա միութեան անդամները որոշեցին իրենց տարեկան ցենզը:  Լսարանական Միութեան Վարչութիւն

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Մաքտեսեան Լիլա եւ Խանճեան Միկէլ -ԺԱ. դասարանէն՝ Գէորգեան Ցոլեր եւ Աճէմեան Ժագոպ -ԺԲ. դասարանէն՝ Յովսէփեան Լոռի եւ Ֆեղալի Ճորճիօ Լսարանական Միութեան աշակերտները 26 Սեպտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Միութեան պատասխանատուներուն: Լսարանական Միութեան նախագահ…

ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔ

Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան առաջին հաւաքը։ Միութեան պատասխանատուներէն Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեան նախ ողջունեց Ժ. դասարանի աշակերտները, որոնք յետ այսու մաս կը կազմեն Լսարանական Միութեան, ապա հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ միութեան գործելաձեւին, որմէ ետք ընթացք առաւ զրոյց մը ճեմարանական ոգիին եւ ճեմարանականի արժանիքներուն մասին։  

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 14 եւ Ուրբաթ 15 Մարտ 2019-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան աւանդութիւն դարձած ձիւնագնացութիւնը Ֆարայայի «Mount Smash» պանդոկէն ներս: Յայտագիրը ճոխ էր` ձիւնի վրայ խաղ, պանդոկէն ներս խաղեր, քարաօքէ, ռալի… շատ հաճելի ժամանակ անցուցին երկրորդական բաժինի աշակերտները:

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մեծանուն հայերու նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լեւոն Շանթի, Երուանդ Օտեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը նշուեցաւ: Յայտագիրը կ‘ընդգրկէր ասմունք` «Հայրենիքիս Հետ» (Յովհաննէս Թումանեան), նուագ` Կոմիտասի «Նուպար-Նուպար»ն ու «Կաքաւիկը», Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատրերգութենէն ներկայացում, պար՝…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «FUTSAL»-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

17 Յունուար 2019-ին, Հայաստանի «futsal»-ի ներկայացչական խումբը այցելեց Ճեմարան: Լսարանական միութեան աշակերտներս ծանօթացանք իւրաքանչիւրին, ապա խմբապետը ներկայացուց խումբը եւ խօսեցաւ իրենց փորձերուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ կարեւոր մրցաշարքերուն եւ խաղերուն մասին: Վերջապէս առիթը ունեցանք մեզ հետաքրքրող հարցումներ ուղղելու:

ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2018-ին, լսարանականները տօնեցին կաղանդը մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին Թ. դասարանի եւ Լսարանական Միութեան աշակերտները նշեցին Համազգայինի 90-ամեակը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ժ. դասարանէն Պետօ Գալուստեան: Յայտագիրը սկսաւ Լսարանական Միութեան նուագախումբի հայկական նուագներով, ապա խումբ մը աշակերտներ խանդավառութեամբ պարեցին: Օրուան բանախօսն էր Ճեմարանի ուսուցիչ Նորա Թաշճեան, որ Համազգայինի ծրագրի առաջին բաժինը կարդալէ ետք…

ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած առաջին խրախճանքը տեղի ունեցաւ 10 Նոյեմբեր 2018-ին: Լսարանականները պարեցին, երգեցին ու զանազան խաղերով հաճելի ժամանակ անցուցին ճոխ մթնոլորտի մէջ: