ՌԱԼԻ ՓԷՅՓԸՐ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հինգշաբթի, 3 Մարտ 2022-ին, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան 92-ամեակին նուիրուած Ռալի Փէյփըրը:

Երկրորդական բաժինի աշակերտները, 10 խմբակներու բաժնուած, հաճելի ժամեր անցուցին դպրոցին շրջակայքը արշաւելով եւ պատասխանելով դաստիարակիչ ու հետաքրքրական հարցումներուն: Աւարտին, յաղթական հանդիսացաւ Մուշ խմբակը: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մարտին: