«ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ» ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԹԱՄԱՐ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ին, Ճեմարանի Լսարանական Միութեան «Բարեսիրական» խմբակի անդամները հանդիպում ունեցան վաստակաշատ ընկերային ծառայող, Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Թամար Տէր Պետրոսեանի հետ:

Ան խմբակի անդամներուն բացատրեց, թէ ի՛նչ է ընկերային գործը ընդհանրապէս երկիրներու մէջ, եւ կառավարութիւնները ինչպիսի՞ ներդրում կ’ունենան բարեսիրական միութիւններու աշխատանքներուն մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու մասին, որոնք կը գործեն ժողովուրդին ծառայելու՝ տարբեր կարիքներու համար:  Ապա ան անդրադարձաւ լիբանանահայ կառոյցին մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն, ինչպէս՝ ԼՕԽ, Զուարթնոց… նաեւ՝ լիբանանեան միութիւններուն, թէ ի՛նչպէս կ’աշխատին, ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը տանին եւ ի՛նչպէս կը հասնին ժողովուրդին կարիքներուն: