ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ 21 եւ Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական միութեան աւանդութիւն դարձած ձիւնագնացութիւնը Ֆարայայի «Mount Smash» պանդոկէն ներս:

Երկօրեայ յայտագրին առաջին օրը տեղի ունեցան՝ ձիւնի վրայ խաղ, արշաւ, պանդոկէն ներս խաղեր՝ զարգացման մրցում, բանավէճ, քարաօքէ…:

Շատ հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք երկրորդական բաժինի աշակերտները տուն վերադարձան ընկերական լաւագոյն յիշատակներով:

Սինթիա Պայրաքտարեան
ԺԱ. դասարան