ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ 9 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Այսօր, 9 Նոյեմբեր 2021-ին, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտի համաձայնագիրէն մէկ տարի անց, Ճեմարանի Լսարանական Միութեան Հայ Դատի յանձնախումբը ամբողջ օրուան ընթացքին ազգային երգեր սփռեց Ճեմարանի բակերուն մէջ, իսկ առաւօտեան զբօսանքին աշակերտները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին պատերազմի նահատակներուն յիշատակը, եւ յանձնախումբին կողմէ Ճորճ Տէմիրճեան այս առիթով ընթերցեց  իր հետեւեալ խօսքը.

«

Կիրակի օր մըն էր, երբ ծնողքիս շփոթած ու մտահոգ խօսակցութիւններէն  արթնցայ. պատերազմ էր Արցախի մէջ: Անմիջապէս լուրերուն հետեւեցայ հասկնալու համար անցուդարձը: Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտն էր, երբ թշնամին օդային սարքերով  կը ռմբակոծէր  Արցախի, Ստեփանակերտի քաղաքացիներուն բնակարանները, իսկ հայոց բանակը զանոնք կ’ոչնչացնէր հակաօդային թնդանօթներով։ Շուտով երեւանի եւ սփիւռքի Ժողովուրդը ոտքի ելաւ։ Կազմուեցան կամաւոր գումարտակներ օգնութեան հասնելու սահմանի զինուորներուն։

Ես ինքնավստահութեամբ կը յայտարարէի,  թէ ինչպէս 2016-ի ապրիլեան  քառօրեայ պատերազմին, այնպէս ալ հիմա պիտի ջախջախենք թշնամիին զօրքերը, բայց չէի գիտեր, որ սկիզբն էր դաժան մարտերու, որոնք  պիտի տեւէին 44 երկար օրեր եւ պատճառ պիտի դառնային հսկայական փոփոխութեան մը` մեր պատմութեան ճակատագրին վրայ։

Անցան օրերը, շատցան զոհերը, աւելցաւ ընտանիքներուն Վիշտը։ Անոնք միայն կը սպասէին մէկ զանգի՝ հօր, եղբօր կամ զաւակի զանգին։ Բայց  երբեմն ալ՝ ի զուր։ Կորսնցուցինք շատ լաւ տղաք, կ՚ըսեն թէ փամփուշտը, ինչպէս կինը՝ կ’ընտրէ լաւագոյնը։ Վերջին հայաստան երթալուս ուզեցի անպայման այցելել Եռաբլուր։ Մեր թաղի տղոց հետ, որոնցմէ ոմանք ականատես եղած էին 44 օրուան պատերազմին, որոշեցինք երթալ… Ահաւոր էր։ Ամէն մէկ քայլի կար նահատակ ընկերոջ մը գերեզմանը՝ «… Մեր հայաթից էր… մեր Վաշտից էր… լաւ տղայ էր…»։ Ճիշդն ըսեմ, հոս կեցած չեմ գիտեր ինչ բառերով արտայայտեմ  իմ ցաւս ու հպարտանքս, ի՛նչպէս մեղմեմ ձեր մայրերուն վիշտը, ի՛նչպէս սրբեմ  անոնց արցունքները:

Պատերազմի առաջին օրերուն, յոյսերնիս բարձր էր գրեթէ համոզուած էինք, որ «յաղթելու ենք», սակայն կամաց-կամաց օրերը անցնելով սխալ բան մը կը զգայինք, բայց չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ կը պատահէր: Եւ ահա, 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի գիշերն էր, ամօթալի օր մը մեր պատմութեան մէջ: Այն բոլոր անմահացած զինուորները,  Արցախի անցած պատմական բոլոր հանգրուանները ծախուած էին համաձայնագրով մը. Շուշին յանձնած էինք… աներեւակայելի բան էր: Ի՞նչպէս կարելի էր մէկ ստորագրութեամբ կորսնցնել այդ քաջերու հողը, որուն վրայ դարերով կռուած են մեր պապերը ամէն գնով պահելու համար այդ սրբութիւնը:

Այսինքն 44 օրուան ապրած մեր մղձաւանջը ի զու՞ր էր. Անշուշտ որ ոչ:  Պատերազմը դեռ չէ աւարտած, այլ փոխուած է ու դարձած նոր պայքար մը եկող սերունդներուս: Պիտի վերագրաւենք Շուշին, Հատրութը եւ պիտի հասնինք մինչեւ Գետաշէն: Մեր մեծերուն, ծնողներուն կը խոստանանք, որ մեր սերունդը ամբողջ ուժով պիտի պայքարի յանուն մեր հողերու ազատագրման, եւ երբ հասնի այդ օրը՝ Սուրբ Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ զանգերը այնքան ուժեղ  պիտի զարնենք, որ վերէն նայողները հպարտանան…»: