ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան հանդիպումը փրոֆեսէօր, պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեանի հետ, որ ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն ետք Փետրուարեան ապստամբութիւնը՝ դրդապատճառներն ու հետեւանքները, ապա անցնելով 70 տարիներու Խորհրդային Հայաստանէն, ան աշակերտներուն խօսեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին մասին, շեշտելով պատմական այս երկու հանգրուաններուն կարեւորութիւնը հայ ազգին համար:

Աւարտին Խաչատուր Ստեփանեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն եւ եզրափակեց ըսելով՝ Հայաստանը ամուր է իր զօրաւոր սփիւռքով: