ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 33-ԱՄԵԱԿ

Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, երկրորդական բաժինի աշակերտները նշեցին Հայաստանի երկրաշարժին 33-ամեակը։

Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին կողմէ խօսք առաւ Մեղրի Դարբինեան: Ան 1988-ի երկրաշարժին մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Թէեւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը այսօր կ’ոգեկոչէ 1988-ի աղէտալի երկրաշարժին 33-րդ տարելիցը, բայց արդէն սպիացած են վէրքերը, որքան ալ ցաւն ու վիշտը տակաւին զգացնեն իրենց անդարմանելիութիւնը»։ Աշակերտները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը, ապա բարձրացան իրենց դասարանները: