ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Արցախի նուիրուած ձեռնարկը։

Միութեան նախագահ Արմէն Եղիայեան արտասանեց բացման խօսքը, ան ըսաւ. «Մենք այս սրահէն ներս Արցախի նուիրուած յաղթանակներ նշած ենք միշտ՝ Արցախի ազատագրում, Շուշիի ազատագրում… Այսօր, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, մենք թէեւ յաղթանակ պիտի չնշենք, սակայն պարտութիւն ալ պիտի չընդունինք։ Մենք եկած ենք, աւելի եւս ամրապնդելու մեր գիտելիքները մեր Արցախին մասին, որպէսզի առաւել յանձնառութեամբ  իրագործենք մեր նահատակներուն կտակը եւ հասնինք արդարութեան»։

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մասին Լսարանական Միութեան Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած տեսերիզին ցուցադրութենէն ետք, աւարտական դասարանէն Ալիք Ահարութեան եւ Հրակ Լախեան ներկայացուցին եւ բեմ հրաւիրեցին հիւր դասախօսը՝ պատմագէտ, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանը, որ հակիրճ ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց Արցախի պատմութիւնը, հասնելով մինչեւ վերջին պատերազմը։ Ան մասնաւորաբար շեշտեց հայոց պատմութեան մէջ Շուշի քաղաքին կարեւորութիւնը եւ պատական փաստացի տուեալներով անգամ մը եւս հաստատեց անոր ու ամբողջ Արցախի անվիճելիօրէն հայկական տարածք ըլլալը։ Դոկտ. Ստեփանեան խօսքը աւարտեց յանուն Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման՝ ազգովին պայքարը շարունակելու յորդորով, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։