ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2023-ին, Լսարանական Միութեան հիւր դասախօսն էր վաստակաշատ լրագրող Արմէն Ապտալեան: Արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով, ան անդրադարձաւ Արցախի աշխարհագրական դիրքին, վերջին տարիներու պատերազմներուն, ապա խօսեցաւ Արցախի հանդէպ տարածաշրջանի երկիրներուն վարած քաղաքականութեան, թշնամի պետութիւններու ձգտումներուն եւ Հայաստանի քաղաքականութեան մասին: Ան շեշտեց, որ քաղաքականութեան մէջ բարեկամութիւններ չկան, այլ…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2023-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Մահտեսեան Սարին եւ Քէշիշեան Ալիք -ԺԱ. դասարանէն՝ Կիւրիւնլեան Նարօտ եւ Արապաղեան Գլէա -ԺԲ. դասարանէն՝ Թենպէլեան Հայկ եւ Քէշիշեան Վանեսա։ Լսարանական Միութեան աշակերտները 5 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Միութեան պատասխանատուներուն: Լսարանական Միութեան նախագահ…

ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Ը. եւ Թ.  եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ.  դասարաններէն աշակերտական խումբեր: Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, աւարտական խաղին յաղթեց Ը. դասարանի տղոց «Մուսա լեռ» խումբը եւ հանդիսացաւ առաջին, իսկ երկրորդ հանդիսացաւ ԺԱ. դասարանի տղոց խումբը:…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93-ԱՄԵԱԿ

Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2023-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տնօրէնուհին մանրամասնութեամբ ներկայացուց Ճեմարանի պատմութիւնը լսարանականներուն, սկսելով համազգայինի հիմնադրութենէն, ապա՝ Հայ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը եւ անոր պատմութիւնը, մինչեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ներկան:

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութեան ձիւնագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2023-ի կէսօրէն մինչեւ Շաբաթ, 25 Փետրուարի կէսօր: Ուրբաթ օր, աշակերտները ճաշեցին դպրոցը, ապա ուղղուեցան դէպի Ֆաքրա, ուր հաճելի ժամանակ անցուցին: Երեկոյեան ժամը 6:00-ի շուրջ, աշակերտները հասան Ժպէյլի ակումբ, ուր խանդավառ մթնոլորտ տիրեց խորովածի պատրաստութեամբ եւ ընկերական մտերմիկ խաղերով: Շաբաթ…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2023-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան զարգացման մրցումը: Լսարանականները խմբակներու բաժնուեցան եւ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած մրցումին:

ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին, Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ա. զբօսանքի աւարտին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք: Ճեմարանի անձնակազմի անդամներ, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները, հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր խօսք առաւ Հայ Դատի խմբակին կողմէ Լոռի Յովսէփեան: Ան նախ անդրադարձաւ 2020 թուականի պատերազմին պատճառած դժբախտութիւններուն, ապա՝…

ԳԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին, Հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:   Հայ Դատի խմբակին կողմէ Ժ. դասարանէն Հրակ Գէորգեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ երկրաշարժի հարուածած վայրերուն եւ պատճառած վնասներուն, ինչպէս նաեւ՝ այդ օրերուն բոլոր երկիրներէն…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՋԻՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022-ին, «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպեցաւ Լսարանական Միութեան անդամներուն հետ: Ան իր սրտի խօսքին մէջ յատուկ պատգամ մը ուղղեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ ապագային իրենց մասնագիտութեամբ անպայման ծառայեն հայրենիքին: Ապա մտերմիկ զրոյց մը ընթացք առաւ, եւ աշակերտները յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2022-ին, Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ  հանդիպում ունեցաւ Լսարանական Միութեան անդամներուն հետ: Ան խօսեցաւ Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի աշխատանքներուն մասին եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2022-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Յովսէփեան Լորի եւ Մաքտեսեան Քրիսթոֆ -ԺԱ. դասարանէն՝ Ազատեան Արէն-Հայկ եւ Թիւթէլեան Հրակ -ԺԲ. դասարանէն՝ Պապիկեան Արէն եւ Արապաղեան Գէորգ։ Լսարանական Միութեան աշակերտները  6 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը` ներկայութեամբ Միութեան պատասխանատուներուն: Լսարանական Միութեան նախագահ…

ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, իսկ Հիլտա Տումանեան  խօսեցաւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին…