ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, 17 Փետրուար 2022-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկը:

Բացման խօսքը կատարեց Աւարտական դասարանէն Լիլա Մաքտեսեան: Ան ըսաւ, որ Փետրուարը մեր պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս մըն է, ազգային իրագործումներու ամիս մը, յիշելով Վարդանանց տօնը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի հայոց պատմութեան ուսուցիչ Աբիկ Աբրահամեան, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման նախորդող ժամանակաշրջանին մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց ներկայացնելով այդ օրերու մարտահրաւէրները, ապա անցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յաջորդող հանգրուանին եւ ներկայացուց փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը: Ան շեշտեց այս ապստամբութեան շնորհիւ բանտերէն արձակուած մեծ դէմքերու ներդրումը հետագային սփիւռքահայութեան կեանքի կազմակերպման մէջ: Ապա ապստամբութիւններու զուգահեռներ ընելով, ան խօսեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին մասին եւ աւարտեց ըսելով, որ հայութիւնը վերջերս թէեւ կորսնցուց Արցախի մեծ մասը, սակայն պատմական այս օրինակները փաստ են, որ մենք պէտք չէ յուսահատինք:

Ձեռնարկը փակուեցաւ ազգային երգերու ունկնդրութեամբ: