ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար:

Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, իսկ Հիլտա Տումանեան  խօսեցաւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին եւ անոր գործունէութեան մասին: Աշակերտները շրջեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի զանազան բաժինները եւ բացատրութիւններ ստացան միութենական կեանքին ու գործունէութեան մասին: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Մուսալեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան»ը, ուր հետաքրքրութեամբ դիտեցին տեղադրուած իրեղէնները եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ստացան:

Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանն էր Ազգ. «Յառաջ» վարժարանը, ուր հանդիպում տեղի ունեցաւ վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն հետ: Դպրոցի շրջափակին մէջ, աշակերտները միասնաբար ժամանակ անցուցին մարզական խաղերով եւ զրուցելով: Հանդիպման աւարտին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ բարձր գնահատեց Ճեմարանի պատասխանատուներուն այս դաստիարակիչ նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ ներկայ օրերուն, երբ աշակերտական հաւաքական կեանքի աշխուժացումը կենսական է աւելի քան երբեք:

«Յառաջ» վարժարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք, աշակերտները երեք խումբերով յաջորդաբար  այցելեցին գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մարզահամալիրը: Աշակերտները ամէնուրեք արժանացան ջերմ ընդունելութեան: Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին մէջ անոնք բացատրութիւններ ստացան տեղադրուած գիրքերուն, իրեղէններուն եւ լուսանկարներուն մասին: Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարչութեան կողմէ, միաժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան մասնաճիւղի գործունէութեան մասին: Աշակերտները ծանօթացան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մարզահամալիրին՝ շրջագայելով կառոյցին զանազան բաժինները:

Այցելութիւններու յայտագիրին վերջին հանգրուանն էր Այնճարի քաղաքապետարանը, ուր քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան դիմաւորեց աշակերտները եւ ներկայացուց քաղաքապետարանի գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու իրագործումները:

Վերջապէս, աշակերտները վայելեցին ճաշարան Արեւի համադամ ուտելիքները, ապա բարձրացան Այնճարի ելակի պարտէզը, ուր հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, անոնք հրաժեշտ տուին Այնճարին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Այնճարի քաղաքապետութեան եւ աշակերտներուն այցելած բոլոր կառոյցներուն պատասխանատուներուն՝ իրենց սիրալիր ընդունելութեան եւ հոգատար վերաբերումին համար: