ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտներս ճամբայ ելանք դէպի մեր փոքրիկ Հայաստանը՝ Այնճար: Անհամբեր սպասած էինք այս օրուան: Վերջապէս հասանք: «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր յուշակոթողին մօտ, մեզ դիմաւորեց Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամբողջ պատմութիւնը՝ անդրադառնալով նաեւ ներկայ իրավիճակին, Այնճարի զարթօնքին, ինչպէս նաեւ՝ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:…

Հ.Մ.Ը.Մ-ԼԵՎԱՄ. Փինկ փոնկ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբին, աջակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փինկ փոնկի Յանձնախումբին, Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր, 2015-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի փինկ փոնկի մրցաշարքը: Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.- 2004 /2005-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Նանար Պայրամեան (առաջին), Լոռի Եահնէեան (երկրորդ), Արին Հաննէշեան եւ Գալին…

ՔՐԻՍՏ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ՝ ԱԽՈՅԵԱՆ, ՆԱՐՕՏ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ ՝ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ

Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի մարմնամարզութեան (gymnastique-ի) ախոյեանութիւնը: Ճեմարանի նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտ Քրիստ Պարսումեան հանդիսացաւ 2006-2007-ի ծնունդներու ախոյեան: Յիշենք նաեւ որ, 22 Նոյեմբերին, տարրական բաժինի Գ. դասարանէն Նարօտ Կիւրիւնլեան ստացաւ երկու արծաթ մետալ նոյն մարզաձեւի մրցումներու ծիրէն ներս: Կը շնորհաւորենք Քրիստն ու Նարօտը եւ նորանոր…

“LE RETOUR DES INDIENS”

Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան “LE RETOUR DES INDIENS” ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին:

Հ.Մ.Ը.Մ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլ

Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած «մինի պասքէթ»ի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Նանոր Հէյպէլեան, Օրօր Թիքիճեան, Լոռի Եահնիյեան, Լիլա Մաքտէսեան, Սէրլի Զաքարեան, Հերա Տէր Աբրահամեան, Սելին Գասապեան, Լէա Պուտագեան, Հիլտա Գասապեան, Ճոյա Տօնիկեան, Սանան Քէշիշեան, Ալինա Վասիլեան,…

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ»

Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015-ին դպրոցիս ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Հայկազեան համալսարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի ուսանողներուն ներկայացուց «ընկերային ծառայութիւնը դպրոցէն ներս» նիւթը:

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015-ին, մանկամսուրի փոքրիկները նարինջը դիտեցին, քամեցին ու համտեսեցին:

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2015-ին թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնէն ներկայացաւ Թելօ Օհաննէսեան եւ Ը. Դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ թմրամոլութեան մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կը սկսի պատանին փորձելու համար ծխել կամ թմրեցուցիչ գործածել ու կ’իյնայ այս մոլութեան մէջ, որմէ ձերբազատիլը շատ դժուար է: Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները եւ անոնց…

«4 ՄԱՍՆԱԿԻՑ, 4 ՕՐ, 4 ՎԱՅՐԿԵԱՆ» ՖԻԼՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն երեք աշակերտներ՝ Յակոբ Թաշճեան, Սէրուժ Յովսէփեան եւ Բալիկ Ծատուրեան ֆրանսերէն լեզուի համադրող եւ ուսուցչուհի Անի Կէօքճեանի հետ մասնակցեցան N.D.U. համալսարանի կազմակերպած «4 մասնակից, 4 օր, 4 վայրկեան» ֆիլմի պատրաստութեան մրցանքին: Նկարահանումները տեղի ունեցան դպրոցին մէջ, տրուած ըլլալով որ ֆիլմի պատրաստութեան…

Հ.Մ.Ը.Մ. ԼԵՎԱՄ – ՃԱՏՐԱԿ՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2015ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ճատրակի մրցումը Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին, Ճատրակի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարան հանդիսացաւ առաջին (26,5 կէտ): Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. 8 տարեկան…

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ

Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2015-ին տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները արաբերէնի դասապահուն լիբանանեան նախաճաշի սեղան մը պատրաստեցին եւ միասին ճաշակեցին տեղական համեղ արտադրութիւնները: