ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2015-ին թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնէն ներկայացաւ Թելօ Օհաննէսեան եւ Ը. Դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ թմրամոլութեան մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կը սկսի պատանին փորձելու համար ծխել կամ թմրեցուցիչ գործածել ու կ’իյնայ այս մոլութեան մէջ, որմէ ձերբազատիլը շատ դժուար է: Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները եւ անոնց ունեցած ժխտական հետեւանքները՝ ֆիզիքական, ընկերային եւ հոգեբանական մարզերէն ներս։