Հ.Մ.Ը.Մ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլ

Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած «մինի պասքէթ»ի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Նանոր Հէյպէլեան, Օրօր Թիքիճեան, Լոռի Եահնիյեան, Լիլա Մաքտէսեան, Սէրլի Զաքարեան, Հերա Տէր Աբրահամեան, Սելին Գասապեան, Լէա Պուտագեան, Հիլտա Գասապեան, Ճոյա Տօնիկեան, Սանան Քէշիշեան, Ալինա Վասիլեան, Արմէն Եղիայեան, Վարանդ Յովսէփեան, Նարեկ Վարդանեան, Ճորճ Տէմիրճեան, Սէրուժ Աւետիսեան, Ճիօվանի Տօնէրեան, Կարէն Մարտիրոսեան, Գարլօ Ահարոնեան, Միսաք Պարսումեան, Հրակ Լախեան, Շահան Նաճարեան եւ Արամ Հանտեան: Վարժարանները մրցեցան 2 հանգրուաններէ բաղկացած յայտագիրով՝ աղջիկները առաւօտեան ժամը 9-էն 12:30, իսկ տղաքը 1-էն 5: Մրցանակաբաշխութիւն կատարուեցաւ իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին: