«4 ՄԱՍՆԱԿԻՑ, 4 ՕՐ, 4 ՎԱՅՐԿԵԱՆ» ՖԻԼՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն երեք աշակերտներ՝ Յակոբ Թաշճեան, Սէրուժ Յովսէփեան եւ Բալիկ Ծատուրեան ֆրանսերէն լեզուի համադրող եւ ուսուցչուհի Անի Կէօքճեանի հետ մասնակցեցան N.D.U. համալսարանի կազմակերպած «4 մասնակից, 4 օր, 4 վայրկեան» ֆիլմի պատրաստութեան մրցանքին: Նկարահանումները տեղի ունեցան դպրոցին մէջ, տրուած ըլլալով որ ֆիլմի պատրաստութեան յատկացուած ժամանակը կարճ էր: Մրցանակաբաշխումին, Ճեմարանի աշակերտները երկրորդ հանդիսանալով դպրոցին համար շահեցան «Professional video camera» մը: Նշենք, որ մասնակցող աշակերտական միակ խմբակը Ճեմարանի աշակերտներն էին, որոնք կը մրցէին ֆիլմի կամ «audiovisuel»-ի ուսանողներու հետ: Կը շնորհաւորենք մրցանակակիր աշակերտները իրենց ապահոված փայլուն արդիւնքին համար: Յակոբ Թաշճեան ԺԱ. դասարան