ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտներս ճամբայ ելանք դէպի մեր փոքրիկ Հայաստանը՝ Այնճար: Անհամբեր սպասած էինք այս օրուան: Վերջապէս հասանք: «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր յուշակոթողին մօտ, մեզ դիմաւորեց Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամբողջ պատմութիւնը՝ անդրադառնալով նաեւ ներկայ իրավիճակին, Այնճարի զարթօնքին, ինչպէս նաեւ՝ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ապա անցնելով «Դալար անկիւն»էն, հասանք քաղաքապետարան, ուր մեզ հիւրընկալեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Ան մեզի ծանօթացուց քաղաքապետարանի կառոյցը, ապա ժողովասրահին մէջ ներկայացուց քաղաքապետարանի գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Ան թելադրեց մեզի, որ ի՛նչ ասպարէզի մէջ ալ ըլլանք ապագային անպայման մեր ինքնութիւնը դրսեւորենք: Այնուհետեւ եւ վերջապէս, հասանք Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր մեզի համար հանդիպում նախատեսուած էր վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Անցանք սրահ, ուր վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց մեզ եւ բարձր գնահատեց դպրոցի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութիւնը: Ապա միասնաբար արծարծեցինք մեզ հետաքրքրող զանազան նիւթեր: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահէն ներս: Բոլոր աշակերտները խանդավառութեամբ կը մասնակցէին զրոյցին: Զրոյցէն ետք միասնաբար այցելեցինք մանկապարտէզ, ուր մեծ ոգեւորութեամբ մեզ դիմաւորեցին փոքրիկները: Բոլոր կողմերէն ուրախութիւն կը ժայթքէր: Բոլորին դէմքերուն վրայ ժպիտը կը փայլէր: Մասնակցեցանք փոքրիկներուն պարին, ապա միասնաբար ուղղուեցանք իրենց դասարանները: Մանկապարտէզէն ետք, տնօրէնը մեզ առաջնորդեց դէպի Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին՝ միաժամանակ պատմելով, թէ Փարիզի «Յառաջ» թերթի խմբագիր՝ Շաւարշ Միսաքեանի անձնական նախաձեռնութեամբ, ֆրանսահայութենէն կոկիկ գումար մը հանգանակուելով հիմը դրուած է վարժարանին եւ անոր խմբագրած թերթին անունով կոչուած է դպրոցը: Լուսանկարուեցանք կիսանդրիին առջեւ: Բաժանումի ժամն էր… հակառակ սահմանափակ ժամանակին, բոլորս ալ առիթը ունեցանք նոր ընկերութիւն եւ մտերմութիւն ստեղծելու: Վարժարանէն ետք ուղղուեցանք դէպի Ճեմարանի շրջանաւարտ մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանի դամբարանը, ուր ծաղկեփունջ զետեղելէ ետք, այցելեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի նորակառոյց տուն թանգարանը, ուր գրագէտին թոռնուհին, մեր դասընկերուհին՝ Նարօտը, մեզի բացատրութիւններ տուաւ հոն տեղադրուած գիրքերուն եւ իրեղէններուն մասին: Ծանօթացանք գրագէտին աշխատանքներուն, զմայլեցանք Ուլիամ Սարոյեանի, Մուշեղ Իշխանի, Յակոբ Օշականի եւ այլ հռչակաւոր դէմքերու հետ անոր լուսանկարները տեսնելով: Հաճելի եւ դաստիարակիչ այս օրուան աւարտին, մեր միտքերը լաւապէս լիցքաւորելէ ետք, չէինք կրնար մեր ստամոքսները դատարկ ձգել: Վայելեցինք ճաշարան Արեւի համադամ ուտելիքները ու հրաժեշտ տուինք Այնճարին: Բալիկ Ծատուրեան Քրիստ Բրուտեան Սէրուժ Յովսէփեան