ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ
Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ վարժարանին մէջ գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Է. դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան՝ ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Նարօտ Խաչատուր՝ հայերէն: Ան ըսաւ.«Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան հրէշային…