ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ին, առաջին եւ երկրորդ պահերուն նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան սրահ, ուր ներկայ գտնուեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ ատամնաբոյժ Տոքթ. Իշխան Եղիայեանի դասախօսութեան: Տոքթ. Իշխան շատ հետաքրքրական ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց «Մարդակազմութիւն, առողջ ապրելակերպ եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Աշակերտները սորվեցան, թէ ի՛նչպէս լաւ եւ առողջ ապրելակերպը կը նպաստէ հիւանդութիւններու կանխարգիլման ու հանգիստ կեանքի: Դասախօսութեան աւարտին Տոքթ. Իշխան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: