ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2015-ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ վարժարանին մէջ գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Է. դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան՝ ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Նարօտ Խաչատուր՝ հայերէն: Ան ըսաւ.«Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան հրէշային բռնարարքներու: Իբրեւ հետեւանք, յառաջացաւ հարիւր հազարաւոր հայ որբերու բանակ մը, որ կորսնցնելէ ետք ծնողք եւ հարազատներ, մաքառեցաւ մահուան դէմ: Ու այնպէս, մարդակեր թուրքին արիւնոտ ձեռքով ստեղծուեցաւ Հայ Որբաշխարհը: Թրքական որբանոցներէն յատկանշական էր Ճեմալ Փաշայի ստեղծած Լիբանանի Այնթուրայի որբանոցը: 1915-ին Ճեմալ Փաշան Այնթուրա գիւղաքաղաքին մէջ ֆրանսացի Լազարիստ հայրերու Սէն Ժոզէֆ քոլէճը վերածեց որբանոցի եւ Պոլիսէն հրաւիրեց փանթուրքիստ գրող՝ Խալիտէ Էտիպ հանըմը, որպէսզի կառավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ 1000 հայ որբերու իսլամացումը: Հայ որբերուն անունները փոխարինուեցան թրքական եւ արաբական անուններով եւ անոնք ենթարկուեցան զանազան չարչարանքներու: Ծեծի տակ շատերը մահացան՝ հայերէն խօսելու յանցանքով: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր մահացան Այնթուրայի որբանոցին մէջ՝ սովի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Երբ թուրքերը լքեցին որբանոցը ու հեռացան Լիբանանէն, որբանոցը կառավարուեցաւ լիբանանցի վարդապետներու կողմէ, որոնք որբերուն վերադարձուցին իրենց հայկական անունները: 1993-ին, կաթոլիկ վարդապետները հայ որբերուն աճիւնները գտան քոլեճի եկեղեցւոյ յարակից դաշտին մէջ՝ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: Քոլեճի պատասխանատուները այս աճիւնները պահեցին եւ զետեղեցին վարդապետ հայրերու գերեզմանատան կից: Այսօր 100 տարիներ անցած են այդ դաժան օրերէն: Մենք՝ շարաւիղները որբացած մեր քոյր-եղբայրներուն, կը խոնարհինք իրենց շիրիմներուն առջեւ՝ ուխտելով լուծել իրենց վրէժը. ըսելով վայրագ թուրքին, թէ մենք մեր ոսկեղնիկ լեզուով կը խօսինք մեր նահատակներուն հետ եւ նոյն լեզուով կը յայտնենք մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին եւ ազնիւ մտադրութիւններով վերադարձուցին մեր քոյր-եղբայրներուն իսկական ինքնութիւնն ու հայկական անունները, պահեցին եւ խնամեցին ողջ մնացածները եւ զանոնք վերադարձուցին հայ ազգին: Մենք հպարտ եւ երախտապարտ ազգի զաւակներս՝ երբեք չենք մոռնար մեզի ձեռք երկարողները եւ յատկապէս մեր պատմութեան սեւ օրերուն մեզի օգնող մարդիկը: Շնորհակալութիւն ձեզի»: Ապա աշակերտները երգեցին «Երազ իմ երկիր»ը եւ ծաղիկներ զետեղեցին հայ որբերու շիրիմին։