ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԺՊԷՅԼ

Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ե. դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ժպէյլ քաղաքը։ Անոնք ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան։ Աշակերտները այցելեցին հռոմէական թատրոն եւ ամրապնդեցին աշխարհագրութեան դասին վերաբերող իրենց գիտելիքները։ Ժպէյլ քաղաք այցելութեան ատեն աշակերտները առիթը ունեցան նկարուելու աշխարհի երկրորդ մեծագոյն տօնածառին առջեւ: