ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին, Ճեմարանի Երկրորդական բաժինի աշակերտները հանդիպում ունեցան Վիքիմեդիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան (www.wikimedia.am) նախագահ` Սուսաննա Մկրտչեանի հետ, որ աշակերտներուն ներկայացուց Արեւմտահայերէն վիքիպեդիայի ստեղծման ու զարգացման ծրագիրը: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս աշակերտները կրնան ներդրում ունենալ արեւմտահայերէնի պահպանման համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս նախաձեռնութեան մէջ: