ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ «ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ» ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 7 Մարտ 2015-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը: Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութեան անդամ Արամ Սոմունճեան նոր սերունդին ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը, ապա իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք ծանօթացուց ներկաներուն՝ նշելով իր ընտրած մասնագիտութիւնը կամ ասպարէզը: Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ նոր սերունդին կնքահայրը՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան՝ իր խօսքը փոխանցելու շրջանաւարտներուն: Ան ըսաւ. «Այսօր Ճեմարանի շրջանաւարտներուն համար յատուկ օր է: Անցեալ տարեշրջանի շրջանաւարտները այս համեստ հանդիսութեամբ պիտի ընդունուին Ճեմարանի շրջանաւարտից միութենէն ներս: Ինձմէ խնդրուեցաւ այս առիթով երկու խօսք ըսել: Իսկապէս՝ միայն երկու խօսք. «Բարի՛ եկաք Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութենէն ներս»: Բայց սովորութիւն է քիչ մը աւելի խօսիլը: Յունական սփիւռքի առանձնայատկութիւնները զաւեշտային հնարքներով ներկայացնող ժապաւէնի մը մէջ սփիւռքայոյն աւանդապաշտ հայրը կը հաւատայ, թէ ամբողջ աշխարհը բաժնուած է երկու խումբի. առաջինը անշուշտ յոյներն են, իսկ մնացեալ մարդկութիւնը կը կազմէ երկրորդ խումբը. այսինքն՝ բոլոր անոնք, որոնք պիտի փափաքէին յոյն ծնած ըլլալ: Իսկ մեր հայկական շրջապատը կը մտածէ, թէ ճեմարանականն ալ մօտաւորապէս այդպիսի էակ մըն է. ան կը կարծէ, թէ աշխարհը կազմուած է ճեմարանականներէն եւ բոլոր մնացեալներէն՝ որոնք պիտի փափաքէին ճեմարանական եղած ըլլալ. իսկ եթէ երրորդ խումբ մըն ալ կայ, ատիկա ալ միայն ու միայն անոր բաղկացուցիչ տարրերու յանցանքն է: Ճի՞շդ է ասիկա: Անշուշտ ո՛չ, սակայն այսքանով պատմութիւնը չի վերջանար, քանի միեւնոյն ատեն իւրայատուկ կարծիքներ ունին երկրորդ խումբի ներկայացուցիչները առաջիններուն՝ ճեմարանականներո՛ւն մասին: Անոնք լրջօրէն կը կարծեն, թէ ճեմարանականները շփացած են, եսակեդրոն են, ցուցամոլ են, մեծամիտ են. թէ իրենք զիրենք ու իրենց հաստատութիւնը աշխարհի կեդրոնը կը կարծեն: Ճի՞շդ են այս կարծիքները: Անշուշտ ո՛չ, սակայն ամէն այս ձեւի կարծիքի՝ ինչպէս ամէ՛ն կատակի մէջ առարկայական ճշմարտութեան բաժին մը կայ: Ո՞րն է ճշմարտութեան այդ բաժինը, որ խորքին մէջ հիմնուած է որոշ թիւով դրական յատկանիշներու վրայ, որոնց ժխտական մեկնաբանութիւնը ատենին դրսեցիներուն վրայ թողած է համապատասխան տպաւորութիւն: Ճիշդ է, ժամանակին ճեմարանական աշակերտի եւ ուրիշի միջեւ տարբերութիւնները աւելի ցայտուն էին. անոնք աւելի յստակ կ’երեւէին: Պէտք է ըսել սակայն, որ մեր օրերուն այդ տարբերութիւնները այնքան ալ մեծ չեն, քանի բոլոր վարժարանները, առաւել կամ նուազ չափով, կը կիրարկեն նոյն մանկավարժութիւնը, կը դասաւանդեն նոյն ընդհանուր կրթական ծրագրի մը վրայ հիմնուելով, ենթակայ են նոյն արտաքին ազդեցութիւններուն: Իսկ աննախընթաց կերպով բազմապատկուած եւ ուժեղացած արտաքին ազդեցութիւնները կը պարտադրեն միօրինակութեան մեծ համեմատութիւն մը: Այսպիսի վիճակի մէջ առաւելութիւն կ’ունենայ փորձառութիւն ունեցողը: Այստեղ սակայն պէտք է նկատել, որ արդի մանկավարժութեան հիմնական ստորոգելիները Ճեմարանի մէջ ի զօրու եղած են անոր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն: Այդ ուղղութեամբ Ճեմարանի մէջ աւանդութիւն կայ. իսկ աւանդութիւնը զօրաւոր յենակ է, քանի երկար ժամանակի ընթացքին գիտութիւնը ընդելուզուած կ’ըլլայ ենթակային հետ. ամէն արուեստականութիւն կորսուած կ’ըլլայ. ամէն ինչ բնական, հետեւաբար՝ աւելի ազդեցիկ դարձած կ’ըլլայ: Սիրելի շրջանաւարտներ, Ձեր կազմաւորման ընթացքին մէջ ձեր ուսուցիչներուն կողմէ ճիգ թափուած է ձեր մէջ զարգացնելու ուրիշի հանդէպ յարգանքի զգացումը, միաժամանակ արթնցնելով ինքնայարգումի՝ այսինքն արժանապատուութեան զգացումը: Ձեր մօտ զարգացած է պատասխանատու ազատութեան հանդէպ սէրը: Լսած էք ընկերասիրութեան, արդարամտութեան, մտածումի անկախութեան, այլասիրութեան մասին շինիչ քարոզներ: Ձեզի խօսուած է կեանքի մէջ ինքնաճանաչման, ինքնակարգապահութեան եւ ինքնազսպումի կարեւորութեան մասին: Սորվեցաք ըլլալ համեստ, իսկ ձեր ուսուցիչները հաւանաբար առանց յաջողութիւն արձանագրելու փորձեցին ձեր ուղեղին մէջ գոնէ ներմուծել աշխատանքի հանդէպ սէրը: Փոխարէնը սակայն ընդունեցիք ու սիրեցիք եւ մեծ չափերով իւրացուցիք ձեզի առաջարկուած համարձակութիւնը: Այո՛, համարձակութի՛ւնը: Ահա ա՛յս մէկն է, որ ուրիշներու կողմէ առաջին հերթին կը մեկնաբանուի իբրեւ անկրթութիւն ու մեծամտութիւն: Կը զարմանաք ու կ’ապշիք թերեւս այս վայրկեանիս, երբ կը լսէք այս յատկանիշները, որոնցմէ ոմանք հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով իրենց բուն անունով կը ներկայանան ձեզի: Բայց վստահ եմ, որ երբ անգամ մըն ալ մտածէք ձեր Ճեմարանէն ներս կեցութեան ընթացքին ձեր կուտակած փորձառութեան, ձեր կատարած ընթերցումներուն, ձեր գրած շարադրութիւններուն, ձեր ստացած դիտողութիւններուն եւ առհասարակ ձեր այստեղ ապրած կեանքին մասին՝ աստիճանաբար աւելի պայծառ կերպով ձեր աչքին առջեւ պիտի բացուի ճշմարտութիւնը: Գիտենք անշուշտ, որ վերոյիշեալ յատկանիշները իրենց ամբողջութեան մէջ ու կատարելապէս իւրացուցած մարդ գոյութիւն չունի երկրագունդի երեսին: Ամէն մարդ կը ստանայ իր նկարագրին հետ հաշտ եղող իւրաքանչիւր յատկանիշէն տարբեր համեմատութիւն մը: Կատարեալ մարդ գոյութիւն չունի. եթէ կատարեալ ըլլայինք բոլորս, բաւական պիտի ձանձրանայինք մեր հետզհետէ աւելի ու աւելի եկարող կեանքին ընթացքին: Մեզի համար կատարելութիւնը ձգտումի անհասանելի նպատակն է. Գրիգոր Զօհրապի «Վե՜ր, աւելի՛ վեր»ի ալպեան ձգտումը եւ նոյն գաղափարի Լեւոն Շանթի խորացո՛ւմը տեսաք, երբ իր թատերական հերոսներէն մէկուն բերանէն լսեցիք՝ «Վե՜ր, մագլցէ վե՜ր: … Մինչեւ ճերմակ բարձունքները, մինչեւ միգոտ կատարները, մինչեւ անհաս տենչանքները, մինչեւ մահուան սահմանները …»: Ո՛չ. կատարելութիւնը հասարակ մահկանացուներուս համար չէ՛, սակայն անոր հասնելու ձգտումը բաւարար է մեր անձնական կեանքին մէջ գոհացում գտնելու եւ միաժամանակ հաւաքական կեանքին մէջ մեր գործունէութեամբ հայկական հասարակութիւնը աւելի ճիշդ տեղ հասցնելու: Ճեմարանի առաքելութիւնը եղած է եւ է՝ լաւ մարդ եւ լաւ հայ պատրաստել: Մենք վստահ ենք, որ դուք ալ ձեր անձնական կարելիութիւններու ներած չափով ձեր հասարակական կեանքի ընթացքին անշեղ պիտի հետեւիք լաւ մարդ եւ լաւ հայ հանդիսանալու եւ մնալու ճամբուն: Այնպէս ինչպէս շատերու կարգին եղաւ Բենեամին՝ աւելի ճիշդ Բենօ Թոնդեանը, որուն անունով պիտի կոչուի 2014-ի շրջանաւարտ ճեմարանական ձեր սերունդը: Բենօն ճեմարանը աւարտեց 1964-ին. ատկէ ետք վկայուեցաւ որպէս ճարտարագէտ. իր ժամանակին մեծագոյն մասը յատկացուց հայ ազգային-հասարակական բոլոր մակարդակներու գործերուն՝ քաղած ըլլալով ճեմարանականի վերոնշեալ յատկանիշներէն իրե՛ն յատուկ փունջը: Բարի՛ եկաք Ճեմարանի շրջանաւարտից միութենէն ներս»: Ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով: