«WONDER» ՖԻԼՄԻ ԴԻՏՈՒՄ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Այս դարու մանկավարժական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմեն նախապաշարումները, ընդվզումը եւ բռնադատումը (bullying): Դպրոցը կը փորձէ աշակերտներուն փոխանցել այս վերնագիրները եւ անոնց հետեւանքները՝ տարբեր ձեւերով, ինչպէս՝ դասախօսութիւններ, վիճաբանական ասուլիսներ, կլոր սեղաններ: Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Wonder» ֆիլմը, որ կ’արծարծէ յիշեալ նիւթերը:

Ֆիլմը տասը տարեկան տղեկի մը մասին է, որ ի ծնէ այլակերպուած է դէմքով, բայց ոչ՝ ուղեղով: Այդ պատճառով այս տղան դպրոց չի յաճախեր, այլ՝ դպրոցական նոյն ծրագիրը կը կատարէ տունը, մօրը հետ: Ան շատ փայլուն է գիտական դասերուն մէջ: Երբ այս պատանին միջնակարգի տարիքը կ’ըլլայ, ծնողքը զինք հոգեպէս պատրաստելէ ետք, դպրոց կ’արձանագրեն:

Ան միշտ գլուխը կը ծածկէ յատուկ գլխարկով մը: Դպրոցէն ներս, աշակերտները նկատելով որ ինք տարբեր է, կը սկսին բռնադատումի (Bullying), եւ ոչ ոք կը մտերմանայ իրեն հետ, մինչեւ որ անդրադառնան, որ թէեւ ֆիզիքապէս տարբեր է ան, սակայն շատ աշխատասէր, ընկերասէր, բարի, խելացի, հնարամիտ եւ ազնիւ անձ մըն է:

Ֆիլմէն ի յայտ կու գայ, որ այն բոլոր անձերը, որոնք մերժեցին զինք, ունին անձնական կամ ընտանեկան հարցեր: Ֆիլմին մէջ կը տեսնենք հօր, մօր, քրոջ տառապանքը, բախումները եւ անոնց ցուցաբերած օգնութիւնները իրենց զաւակին կամ եղբօր, որպէսզի ընդունուի ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս եւ դպրոցին մէջ՝ յատկապէս: Վերջաւորութեան, պատանին կը յաղթահարէ իր դժուարութիւնները:

Այս դաստիարակիչ ֆիլմէն ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց, ուր տեղի ունեցաւ քննարկում: Դպրոցի ընկերային ծառայողը համադրումը ըրաւ, ու ֆիլմը քննարկուեցաւ տարբեր դիտանկիւններէ: Մանկավարժ-հոգեբան Սիլվա Փափազեան զայն քննարկեց հոգեբանական անկիւնէ դիտուած: Ֆիլմաշխարհի, թատրոնի մասնագէտ Հրայր Գալեմքերեան իր կարծիքները տուաւ ֆիլմարուեստի յաջողութեան նպաստող պայմաններուն մասին: Դպրոցի ուղղավարժ Արազ Քէլէշեան իր դիտանկիւնէն փոխանցեց իր կարծիքը: Աշակերտները հարցեր դրին եւ շատ տպաւորուած տուն վերադարձան: