ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին մանկամսուրի փոքրիկները պաշտօնական այցելութեամբ ներկայացան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ նուիրեցին իրենց պատրաստած կաղանդի ձեռային աշխատանքը: 

Տնօրէնութեան սիրալիր ընդունելութենէն եւ հիւրասիրութենէն ետք, փոքրիկները վերադարձան մանկամսուրի առօրեային: