ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեան կեդրոնի եւ հսկողութեամբ Ճեմարանի հիւանդապահուհիին, 20-28 Նոյեմբեր 2017-ին, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ առողջապահական ընդհանուր քննութիւն մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն:

Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ուղարկուեցան նաեւ Գարակէօզեան կեդրոն յատուկ մեքենայով ակնաբուժական քննութեան ենթարկուելու(Microscope optique):