ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ ՆԵՐՍ

Դեկտեմբեր ամսուն, մանկամսուրի փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ զարդարեցին տօնածառը, պատրաստեցին կաղանդի զանազան ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ համեղ կրկնեփուկներ:

Փոքրիկները անհամբեր կը սպասեն կաղանդ պապուկին: