Շնորհաւոր Բարեկենդան, բարով հասնինք սուրբ Յարութեան:
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք, երջանիկ կեանք:
Ան կը խորհրդանշէ ձմրան աւարտը եւ գարնան գալուստը:
Հայերը Բարեկենդանը կը տօնեն հայկական բոլոր գաւառներուն մէջ զանազան ձեւերով:
Բարեկենդանին բնութեան բերքն ու բարիքը հարստացնելու, չար ուժերը չէզոքացնելու նպատակով շարք մը ծէսեր կը կատարեն:
Փակեալ խորանին օրը մամիկը առաստաղէն կը կախէ պահքի տիկնիկը՝ ակլատիզը, որուն վրայ խրուած կ’ըլլան եօթը փետուրներ:
Եօթը փետուրները կը ներկայացնեն Մեծ պահքի եօթը շաբաթները:
Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան տան մամիկը մէկ փետուրը կը վերցնէ եւ կը նետէ թոնիրին մէջ:
Մինչ այդ սոխը կը ծլի: Ծիլը կը դնեն Զատկուան ճաշին մէջ:
Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն լայն գիտելիքներ ամբարեցին Բարեկենդանի սովորութիւններուն եւ Մեծ պահքի մասին եւ պատրաստեցին իրենց սեփական «ակլատիզ»ը, որուն համար նախապէս տունէն բերած էին սոխ մը:
Շնորհակալութիւն կը յատնենք աւարտական դասարանէն Գորիս Թաշճեանին, որ մեծ սիրով օժանդակեց այս աշխատանքին։
