Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Անթիլիասի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր Տաճար: Զանոնք դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգեշնորհ Տէր Դաւիթ Աբղ. Ասայեան:
Աշակերտները նախ մտան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, ուր Հայր Սուրբը հակիրճ ձեւով խօսեցաւ Աւարայրի ճակատամարտին, Յազկերտի վարած քաղականութեան եւ ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ բացատրեց Վարդանանքի հոգեւոր խորհուրդին, Ղեւոնդ Երէցի գործունէութեան եւ նահատակութեան մասին: Հայր Սուրբը նաեւ անդրադարձաւ այսօրուան հայ աշակերտին դիմագրաւած հայ մնալու մարտահրաւէրներուն: Ան իր պատգամը փակեց խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ հայ մնալ, միասնակամ ըլլալ եւ սիրել հայրենիքը:
Աշակերտները նաեւ այցելեցին մայրավանքին սրբոց նահատակաց մատուռը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին: Ապա անոնք դպրոց վերադարձան նոր գիտելիքներու հարուստ պաշարով:
