Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն։ Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ։
Այս առիթով փոքրիկները հիւրասիրեցին նախօրօք իրենց պատրաստած կրկնեփուկները։
