Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները տօնեցին իրենց սիրելի տօներէն մէկը՝ Բարեկենդանը: Անոնք ծպտուած էին՝ օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող իրերը, զարդեղէնը, կերպասներն ու զգեստները: Ծպտուած էին նաեւ իրենց ընկերակցող ուսուցիչները:
Տօնակատարութեան ընթացքին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր տարազը, որմէ ետք դպրոցին կողմէ հիւրասիրուեցան մսաշոթով եւ անուշեղէններով: Ապա աշակերտները ոգեւորուած մթնոլորտէն մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ու պարեցին:
