«ՔՈՒՆՀԱՏԻ» (KUNHADI)

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի 11 Փետրուար 2026-ին, «Քունհատի» (Kunhadi) կազմակերպութեան հիմնադիր՝ Լենա Ժըպրան, Ժ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ արկածներ կանխարգիլելու մասին:

(Kunhadi) կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է Լենա Ժըպրանի զաւակին՝ Հատիին ինքնաշարժի արկածէն ետք։ Աշակերտները դիտեցին Հատիին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը եւ ծանօթացան ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններուն: